Արմէն
Իւրնէշլեան

Արմէն Իւրնէշլեան
Բանասիրական գիտությունների թեկնածու, Հայ Ավետարանական քոլեջի տնօրեն, Հայկազյան հայագիտականհանդեսի խմբագիր, Հայկազյան համալսարանի դասախոս, Բեյրութ, Լիբանան

Ռուբէն Վարդանեանի եւ Նունէ Ալեքեանի, ինչպէս նաեւ անոնց գործակից Նուպար Աֆէեանի «Ճամբաժանին» գիրքը ծնունդ է մտահոգութեան եւ անոր լուծումներ գտնելու որոնումներուն։ Մտահոգութիւնը կը բխի ցաւէ. ցաւը կը բխի մեր ժողովուրդի եւ հայրենիքի ներկայի կարգ մը ժխտական իրականութիւններէն եւ ապագայի անորոշութենէն: Ներկան դժուար է փոխել, քանի որ իւրաքանչիւր ներկայ վայրկեան մը ետք արդէն անցեալ է։ Պէտք է փոխել ապագան։  

Հեղինակները կը թուին ըլլալ համոզուած հաւատացողները «անցեալէն դաս առնելու» սկզբունքին։ Ինչ որ ճիշդ է, եթէ այդ անցեալը, այս պարագային պատմութիւնը, ի մասնաւորի հայոց պատմութիւնը ուսումնասիրուած է առանց յուզականութեան եւ սնապարծութեան, առարկայականօրէն եւ գիտական վերլուծումներով։  

Գիրքին ճիշդ մէկ երրորդը նուիրուած է հայոց եւ Հայաստանի պատմութեան՝ մինչեւ 1991: Ապագային նայող գիրքի մը համար քիչ մը անհամատեղելի, թերեւս եւ տարօրինակ թուացող այս երեւոյթը ինքնին խօսուն ապացոյցն է հեղինակներուն մտասեւեռումին, որ կարելի չէ ծրագրել ապագան, առանց անցեալի վերլուծման: Իսկ անցեալը յաջողութիւններէ եւ ձախողութիւններէ կը բաղկանայ, որոնք ունին ներքին՝ ներհայկական պատճառներ եւ արտաքին՝ միջազգային ազդակներ: Հետեւաբար, ըստ հեղինակներում այդ անցեալին մէջ պէտք է փնտռել ապագան կառուցելու ոչ միայն դասերը, այլ նույնիսկ յենակէտը: Եւ վերլուծելով դարերու պատմութիւնը, հեղինակները կ՚առանձնացնեն այն շրջանները, որոնք օրին արդէն ճամբաժան կամ անկիւնադարձային դեր ունեցած են մեր պատմութեան մէջ: Աւելին. Հեղինակները փորձած են դիտել մեր ժողովուրդին դրեսեւորած հաւաքական վարքագիծը սա կամ նա ճակատագրական իրադրութեան մէջ, փորձելով վերլուծել ատիկա եւ դասեր քաղելով անկէ: Շատ են այդ դասերը. պիտի առանձնացնեմ միայն երկուքը։ Դաս առաջին. Մեծ ուժերու բախումներու վիճակին մէջ իրենց շահերը այդ բախումներուն համաձայնացնելու, ես պիտի ըսէի պատշաճեցնելու, յարմարեցնելու հայերու ճկունութիւնը յանուն ինքնութեան պահպանման։ Պատմութիւնը վկան է այս

իրականութեան։ Չեմ գիտեր սակայն, եթէ մեր նախնիները այդ ճկունութիւնը ցուցաբերած են վերլուծութիւններու հիմամբ, թէ ինքնաբերաբար իներցիայով պիտի ըսէր հայաստանցին), որ կը նշանակէ թէ այդ ճկունութիւնը բնածին յատկութիւն մըն է. Իսկ հիմա, երբ կը գտնուինք մի քանի մեծ ուժի բախումներու միջեւ (բախումը հոս արդէն չհասկնալ պատերազմ, այլ տնտեսական, քաղաքակրթական, արհեստագիտական մրցակցութիւն), որքանո՞վ պահպանած ենք մեզի պարտադրուած պայմաններուն յարմարելով մեր ինքնութիւնը պահպանելու ճկունութիւնը։ Դաս երկրորդ: Հայրենիքէն արտագաղթի տարբեր փուլերը դիտելով՝ XI. դարէն մինչեւ XX դար, հեղինակները կը կատարեն շահեկան դիտարկումներ եւ եզրակացութիւններ: Ինչ խօսք, որ արտագաղթը Հայաստանի ժողովրդագրական պատկերը խաթարող երեւոյթ մըն էր եւ դեռ է։

Դիտելով այդ գաղթի հիմնական փուլերը եւ գաղթականներուն գործունէութիւնը, որ կրկին եւ կրկին նոր պայմաններուն պատշաճելով ինքնութիւն պահպանելու նախորդ վարքագիծին մէկ դրսեւորումն է, հեղինակները կը յանգին ցանցային ազգի գաղափարին, որ պետութեան բացակայութեան պայմաններուն մէջ պետականութեան ինքնուրոյն, իւրայատուկ մոտելի մը ստեղծումն է։ Հեղինակները կը հաւատան, որ ատիկա այսօր ալ գործադրելի գաղափար մըն է, եթէ լաւապէս ուսումնասիրուի։  

Ներկան դիտելով, հեղինակները մեծապէս կը կարեւորեն անկախ պետականութեան գոյառումը իբրեւ Ազգի յարատեւման գրաւական, առանց մոռնալու եկեղեցին, մշակույթը եւ կրթութիւնը։ Իբրեւ ներկայի հիմնական բացթողում, հեղինակները կը նշեն պատճառներ. Ի շարս այլոց, անոնք երկար կանգ երկու պատճառի վրայ. Հայաստանի պետական կառույցին կորզողական դրուածքը (իրենք կը գործածեն «էքստրակտիւ» եզրը), որ ոչ միայն կը քանդէ այլեւ կը կազմալուծէ շատ կարեւոր համակարգ մը, որ ներառականութեան (inclusivity) սկզբունքն է, երբ քաղաքացին կամ ազգակիցը գործուն եւ վճռորոշ մասնակցութիւն եւ ըսելիք ունի պետական եւ ազգային կառոյցներու մէջ։ Հեղինակները վերոյիշեալ, իրարու առնչուած իրավիճակները կը համարեն մեր այսօրուան թերութիւններուն հիմնապատճառը, կամ հիմնապատճառներէն կարեւորագոյնը, որ կը բերէ հասարակութեան մէջ տեսակաւոր խզումներ, որոնք յարատեւման լուրջ սպառնալիքներ են, թէ՛ պետականութեան, թէ՛ ընկերութեան, թէ ազգային կառոյցներուն եւ համակարգերուն, ինչպէս եկեղեցի, մշակոյթ, լեզու, դպրոց...:  

Ապագան։ Որքանո՞վ կրնանք կանխորոշել ապագան: Շատ բան մեր կարողութենէն անդին է, կապուած՝ համաշխարհային իրադարձութիւններու: Սակայն մենք ալ շատ ընելիքներ ունինք: Հեղինակները համոզուած են որ տակաւ մեծցող սփիւռքի պայմաններուն մէջ անհրաժեշտ է ապահովել բոլոր հայերուն ներառումը հայրենիքի զարգացումին: Ասիկա կարելի կը դառնայ եթէ Հայաստանը վերածուի եւ սփիւռքահայուն համար ընկալուի իբրեւ ազգային մեծ ցանցի միակ կամ գլխաւոր հանգոյց, ուրկէ կը բխին եւ ուր կը յանգին բոլոր ճամբաները։  

Հեղինակները ունին պատասխաններ, ունին ազգի ու հայրենիքի յարատեւման իրենց այլընտրանքները կամ պատկերացումները։ Գիրքը ունի նաեւ շատ հարցումներ, ուղղակի կամ անուղղակի: Յամենայնդեպս անիկա գրուած չէ իբրեւ պատգամ կամ թելադրանք։ Ընդհակառակը. հաւատալով իրենց իսկ առաջ քաշած ներառականութեան սկզբունքին, անոնք գիրքը հրատարակութենէն առաջ իսկ դարձուցած են հանրութեան սեփականութիւնը, դնելով զայն հանրային քննարկման, որ ողջունելի եւ օրինակելի մօտեցում է։  

letter

Երկխոսության հրավեր

ՁԵՐ ԱՆՈՒՆԸ
ՁԵՐ ԱԶԳԱՆՈՒՆԸ
Ձեր էլ. հասցեն
Մենք ուրախ կլինենք ստանալ Ձեր կարծիքը և առաջարկությունները
Շնորհակալություն, Ձեր հաղորդագրությունն ուղարկված է
Ընթերցել {bookname}
Խնդրում ենք լրացնել ներքևի դաշտը ընթերցելու համար
ՁԵՐ ԱՆՈՒՆԸ
ՁԵՐ ԱԶԳԱՆՈՒՆԸ
Ձեր էլ. հասցեն
Ձեր տվյալներն արդեն կան մեզ մոտ
ՆԵՐԲԵՌՆԵՐ

Շնորհակալությո՜ւն գրանցման ձևը լրացնելու համար

Ձեզ ուղարկվել է հղում՝ Էլեկտրոնային հասցեի հաստատման համար։ Կայք մուտք գործելու և անհրաժեշտ փաստաթուղթը ներբեռնելու համար խնդրում ենք անցնել այդ հղումով։